«Արեւմտահայերէնը Լեզուական Գանձ Է, Պէտք Է Պահպանենք Ու Փայփայենք Զայն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վիքթոր Կատվալեան

23/02/2018
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
        «ԱԶԴԱԿ».- Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրները ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք:
        ՎԻՔԹՈՐ ԿԱՏՎԱԼԵԱՆ.- Երբեմն սխալ կը պատկերացուի այս հարցը: Շատեր կը կարծեն, որ մերձեցում ըսելով` նկատի ունինք երկու ճիւղերը խառնել իրար եւ ստանալ երրորդ ընդհանուր բան մը: Այդպէս չէ: Որեւէ լեզու կը դրսեւորուի տարբերակներով, ոչ մէկ լեզու միասնական է որեւէ տարածքի վրայ, ամէնէն փոքր տարածքի վրայ անգամ կան լեզուական տարբերութիւններ: Ենթադրենք` տարածքի մը վրայ կը խօսուի բարբառով, այդ բարբառը կը դրսեւորուի իւրայատկութիւններով, ա՛լ ուր մնաց ամբողջ լեզու մը, ա՛լ ուր մնաց երկատուած լեզու մը, այսպէս թէ այնպէս, լեզուն ունի տարբերակներ: Դժուար  է ըսել`  լա՞ւ է, որ տարբերակները շատ են, թէ՞ լաւ չէ. բայց եթէ կան այդ տարբերակները, կը նշանակէ, որ ատոնք հարստութիւն են, եւ իւրաքանչիւր տարբերակ լեզուական իւրայատկութիւն մը ունի. որքան այդ տարբերակները շատ են, այդքան այդ լեզուն հարուստ է:
         Պատկերացուցէք` դաշտ մըն է, ուր տարբեր տեսակի ծաղիկներ կան, եւ դուն կրնաս շատ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը կազմել, իսկ եթէ դաշտին մէջ մէկ տեսակի ծաղիկներ կան, դուն կրնաս մէկ տեսակի ծաղիկներէն ծաղկեփունջ պատրաստել: Ի հարկէ շատ աւելի լաւ է, երբ տարբեր տեսակի ծաղիկներ ըլլան. հայերէնի պարագան ալ այսպէս է: Մենք փոքր տարածքի վրայ ըլլալով` ունեցած ենք 44 բարբառ եւ այդ բարբառներու հիմքին վրայ ունինք երկու գրական լեզու: Բնականօրէն այդպէս ստացուած է. ոեւէ մէկը չի կրնար խնդիր դնել, ինչ-որ մէկու հաշուին միւսը զօրացնել, կամ անպէս ընել, որ մէկը կլանէ միւսը, կամ երկուքը ձուլուին իրար: Մերձեցում ըսելով` մենք նկատի ունինք այդ երկուքին միասնականութիւնը ապահովել, հասկնանք, որ այդ երկուքը միասին մէկ լեզու են, եւ այդ մէկ լեզուն կրնայ միասնական զարգացում ունենալ, եթէ պէտք է նոր եզրոյթներ, ստեղծենք երկու ճիւղերուն համար, այսինքն կապող օղակներ, կամուրջներ ստեղծենք, որ երկուքը զուգահեռ, միասին, ուս-ուսի տուած` զարգանան:
          Պէտք է հասկնանք, որ արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնի թիկունքն  է, եւ արեւելահայերէնը` արեւմտահայերէնի. երկու եղբայր թիկունք տուած` միասին թող ճանապարհ անցնին: Էութեամբ նոյնն են. որքան բազմաձեւ հայերէն ըլլայ, չի խանգարեր, թող ըլլայ: Մերձեցում, այսինքն` փոխադարձ հարստացում: Երկու ճիւղերը կրնան փոխադարձաբար իրար հարստացնել: Շատ հետաքրքրական, գեղեցիկ բառապաշար կայ արեւմտահայերէնին մէջ, որ կրնայ արեւելահայերէնը օգտագործել, արեւելահայերէնն ալ ունի բառապաշարային իրողութիւններ, որոնք շատ յաջողութեամբ կրնայ արեւմտահայերէնը օգտագործել: Քերականական համակարգը տարբեր է , հնչիւնական համակարգը` տարբեր. իրարու տալ- առնելը իրար չի խանգարեր. լեզուն լեզու է իր քերականական եւ հնչիւնական համակարգով: Երբեք կարելի չէ պնդել, որ եկէք` ներկայ ժամանակը արեւմտահայերէնին մէջ օգտագործենք այնպէս,  ինչպէս արեւելահայերէնի մէջ է. անհեթեթութիւն  կ՛ըլլայ նման առաջարկ ընելը, բայց բառապաշարային միաւորներ վերցնել, միասնական բառապաշար ապագային ստեղծել, որ երկուքն ալ օգտագործեն, շատ իրատեսական է եւ ցանկալի:
«Ա.».- Լեզուները անընդհատ փոփոխման գործընթացին կ՛ենթարկուին: Ինչպէ՞ս պայմանաւորուած  է լեզուի փոփոխութիւնը: Նոր բառերու պարագային, դուք կողմ էք թարգմանելո՞ւ, նորը ստեղծելո՞ւ, թէ՞ փոխառելու:
         Վ. Կ.- Լեզուն բնական երեւոյթ է, եւ որեւէ բնական երեւոյթ այս արեւին տակ փոփոխութեան ենթակայ է: Լեզուն նաեւ հասարակական երեւոյթ է, առանց հասարակութեան`  լեզու չկայ: Լեզուն նախ եւ առաջ հասարակական հաղորդակցման միջոց է, բայց հետագային նաեւ լեզուն ձեռք բերած է այլ գործառոյթներ, դարձած է մտածողութեան, մշակոյթի պահպանման, մտածողութեան ձեւաւորման, աշխարհայեացքի, աշխարհընկալման միջոց, բայց, այնուայմենայնիւ, նախ եւ առաջ հաղորդակցման միջոց է, եւ քանի որ հասարակութիւնը անընդհատ  կը փոխէ եւ կը զարգացնէ հասարակական կեանքը, բնականաբար հասարակութեան հետ միասին կը փոխուի եւ կը զարգանայ նաեւ լեզուն. նկատի պիտի ունենանք, որ հասարակութիւնը մէկ շէնքի մէջ չի բնակիր, հասարակութիւնը նոյնպէս տարանջատուած է տարբեր բնակավայրերու մէջ. ամէն մէկ բնակավայր իր իւրայատկութիւններն ունի, նոյնիսկ կլիմայական պայմանները կ՛ազդեն լեզուին վրայ: Եւ նոյն ժողովուրդի  տարբեր հատուածները, երբ իրարու հետ կը հաղորդակցին, կը նպաստեն լեզուի բնականոն զարգացման:
      Հնարաւոր `է հատուածի մը մէջ երեւոյթ մը յառաջ գայ, շփումներու միջոցով կը տարածուի, կ՛ընդհանրանայ ամբողջ լեզուին համար, բացի այդ` իւրաքանչիր ժողովուրդ շփումներու մէջ է այլ ժողովուրդներու հետ: Այդ շփումները նոյնպէս կը դառնան պատճառ, որ լեզուական ազդեցութիւններ կրէ հասարակութիւնը, եւ եթէ ուշադիր ըլլանք, կը տեսնենք, որ հայութեան տարբեր հատուածներ լեզուական տարբեր իւրայատկութիւններ կը դրսեւորեն` պայմանաւորուած այն բանով, թէ ո՛ր ժողովուրդներու հետ շփման մէջ  են: Բազմաթիւ այսպիսի գործօններ կան, որոնք կը նպաստեն լեզուի փոփոխութեան զարգացման անշուշտ:
Ուրեմն լաւագոյն տարբերակը եղած միջոցներով լեզուական բառային նոր միաւորներ ստեղծելն է. միւս ուղին պատճէնումն է. երբ օտար բառի բաղադրիչները կը թարգմանենք, կը միացնենք եւ օտարի նմանողութեամբ կը ստեղծենք մեր բառը, երրորդը` օտար բառեր նոյնութեամբ վերցնելն է:  Այս բոլոր միջոցներն ալ ընդունելի են, բայց իւրաքանչիւրը` իր չափին մէջ: Կարելի չէ լեզուի դռները բանալ եւ բոլոր օտար բառերը ներառել, լեզուն կ’աղաւաղուի: Դարասկիզբին Հրաչեայ Աճառեանը գրած է. «Պոլսոյ բարբառը այնքան խճողուած է թրքերէն բառերով, որ մենք հակակրանք ունինք այդ լեզուի նկատմամբ». Եւ այսպէս, իրենք շարժում սկսան թրքերէն բառերը թարգմանելու: «Մենք Կեդրոնական վարժարանին մէջ կը սորվէինք, եւ իւրաքանչիւրս ունէր բառատետր, որուն մէջ ամէն ինչ կը թարգմանէինք. իրարու ցոյց կու տայինք, եւ այդպէս թարգմանելու աւանդոյթը ստեղծուեցաւ»:
       Բայց պէտք է խուսափիլ ծայրայեղութենէն, եւ ամուր չփակենք դռները փոխառութիւններուն առջեւ. կան բառեր, որոնք բոլոր լեզուներուն մէջ նոյն կերպ կը գործածուին, հայերէնի հնչիւնական համակարգին, օրէնքներուն չեն հակասեր, բարեհունչ են, կարճ են, շատ լաւ իմաստին կը համապատասխանեն, իրողութիւնը դուրսէն եկած է, բառը հետը բերած է, հետեւաբար կարելի է փոխառել այդ պարագային: Այսինքն պէտք  չէ ամբողջովին բանալ դռները, ոչ ալ ամբողջովին փակել օտար բառերուն առջեւ. ի հարկէ մենք աւելի շատ լայն բացած ենք եւ օտար բառեր աւելի շատ կ՛օգտագործենք: Հայաստանի մէջ ժամանակ մը ռուսերէն բառեր շատ կ՛օգտագործէինք, հիմա անգլերէն բառեր կը գործածենք, մենք կը փորձենք այդ իրողութիւններու դէմ պայքարիլ: Լեզուի հիմնարկի կայքին մէջ մենք բացած ենք մայրենիի բաժին, որ ունի երկու ենթաբաժին` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն: Արեւելահայերէն բաժինը ունի երկու ենթաբաժին` ճիշդ եւ սխալ, ուր կը ներկայացնենք առօրեայ խօսքին մէջ հանդիպող սխալ ձեւերը, որոնց դիմացը գրած ենք ճիշդ ձեւերը, երկրորդ բաժինին մէջ մենք կը ներկայացնենք անհարկի օտար բառերը, որոնց հայերէնները կան, կամ մենք կ՛առաջարկենք, օգտագործել հայերէն ձեւերը. կը փորձենք այս կերպ հասարակութեան ներկայացնել հայերէն բառեր եւ կը յորդորենք, որ օգտագործեն այդ բառաշերտերը: Միւս մեծ ենթաբաժինը արեւմտահայերէնն է. կը մտածենք այս բաժինով նպաստել արեւմտահայերէնի կանոնակարգման: Այսօր արեւմտահայերէնը շատ մեծ խնդիրներ ունի այդ առումով: Ճակատագրի բերումով ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած  է ոչ թէ միայն հայ ժողովուրդը, այլ նաեւ` արեւմտահայերէնը, եւ իւրաքանչիւր համայնք ունի լեզուի իր իւրայատկութիւնները, որուն պատճառով կ՛ունենանք բազմաձեւութիւն: Մենք կը փորձենք մեզի հասանելի գրականութենէն դուրս բերել այդ բազմաձեւութիւնները, քննարկել, գիտական հիմնաւորում տալ, թէ ո՛րն  է ատոնցմէ նախընտրելին եւ հանրութեան առաջարկել ճիշդը: Մենք արդէն այդպիսի զուգաձեւութիւններու հատուած մը տեղադրած ենք եւ դիմացը առաջարկած ենք մեր կողմէ ընդունելի համարուող ձեւերը, որոնք եթէ հայութիւնը ընդունի, կը նպաստէ, որ լեզուն կանոնակարգուի, միասնականացուի: Երբ կը խօսինք արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման մասին, նախ եւ առաջ արեւմտահայերէնը պէտք է միասնական ըլլայ, գրական արեւմտահայերէնը պէտք է իր բարձութեան վրայ ըլլայ: Լեզուն գրական է, եթէ միասնական ձեւեր ունի: Լեզուի գրական ըլլալու չափանիշը միասնական ձեւեր ունենալն է. գուցէ այդ միասնականը ճիշդը չըլլայ, բայց միեւնոյնն  է, եթէ  կ՛ընդունուի բոլորին կողմէ, աւելի օգտակար է, քան թէ քանի մը հատ ըլլան, որոնցմէ մէկը ճիշդ ըլլայ:
       «Ա.».- Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասին խօսինք:
       Վ. Կ.- Արեւմտահայերէնով հետաքրքրուած է ե՛ւ Արամ Ա. վեհափառը, ինչը շատ ոգեւորիչ է, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը, ե՛ւ սփիւռքի ղեկավարութիւնը: Սփիւռքի նախարարը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսը իրենց մտահոգութիւնները իրարու յայտնած են եւ յանգած` այն եզրակացութեան, որ եթէ կայ Արամ Ա.-ի հովանին ներքեւ գործող Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով, եթէ Հայաստանի մէջ կայ  լեզուի հիմնարկ, որուն արեւմտահայերէնի բաժինը կը գործէ, ի միջի այլոց մեր հիմարկին մէջ արեւմտահայերէնի պահպանութեան, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներու շուրջ քննարակումներ կազմակերպող եւ միասնական ուղղագրութեան յանձնախումբեր ունինք, ուրեմն ինչո՞ւ չմիաւորել այս երկուքին ջանքերը, ուժերը եւ միասնաբար սկսիլ գործնական աշխատանքներ ծաւալել:
       Մենք շատ գիտաժողովներ ըրած ենք, հանդիպումներ ունեցած ենք, իւրաքանչիւր գիտաժողով կը նպաստէ հասարակութեան մէջ գիտակցութեան փոփոխութեան, եւ այդ կաթիլ մըն է, որ քարը կը ծակէ: Գիտաժողովներու ընթացքին նոր միտքեր յառաջ կու գան. եթէ ես այսօր այստեղ եմ, կը կարծեմ, որ անընդհատ գիտաժողովներ կազմակերպելու առիթով է. մենք արեւմտահայերէնի հարցը արթուն պահեցինք եւ հասանք այն հանգրուանին, որ արդէն պէտք է այս երկու յանձնաժողովները իրարու հետ աշխատին: Շատ արդիւնաւէտ էին իմ այցելութիւնը եւ հանդիպումը այս յանձնախումբին հետ: Նախ եւ առաջ ես կ՛ուզեմ իմ հիացմունքը յայտնել Արամ Ա. վեհափառի վերաբերեալ: Ես հանդիպեցայ մեծ մտաւորականի, մեծ հայու, որ համազգային հոգերով եւ հայերէնի հարցերով մտահոգ է. բարձագոյն ըմբռնողութիւն տեսայ իր քով եւ` խորաթափանցութիւն. լեզուական հարցերու վերաբերեալ շատ հետաքրքրական դիտարկումներ կատարեց ան: Հանդիպում ունեցայ նաեւ յանձնախումբին հետ, որ համալրուած է հետաքրքրական մասնագէտներով, նոյնպէս հայասէր, ազգասէր, լեզուասէր մարդոցմով, որոնք կ՛ուզեն իրենց աշխատանքը անպայման ունենալ այս հարցին շուրջ:
      Արամ Ա. վեհափառի յորդորով փորձեցինք ճշգրիտ քայլեր նախատեսել, ծրագիրներ մշակել: Չհանդիպեցանք` ըսելու, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած է, հանդիպեցանք` ըսելու, թէ ի՛նչ ընենք, որպէսզի կարենաք նպաստել արեւմտահայերէնի պահպանութեան: ի՞նչ ունէր Հայաստանը առաջարկելու, ի՞նչ կ՛առաջարկէ սփիւռքը այս հարցերուն վերաբերեալ եւ ինչպէ՞ս կրնանք համագործակցիլ: Մենք նախանշեցինք քանի մը ծրագիրներ, նախագիծներ: Շուտով ծրագիրը թուղթին պիտի յանձնենք եւ պիտի սկսինք աշխատիլ:
       Ուրախ եմ, որ ե՛ւ յանձնախումբի անդամները ե՛ւ ես եկանք այն համոզման, որ սայլը տեղէն շարժեցաւ: Մենք շատ ընելիքներ ունինք եւ կը սկսինք աշխատիլ: Արեւմտահայերէնը երկու իմաստով պէտք է պահպանել. նախ` արեւմտահայերէնը հայապահպանման մեծ դեր ունի սփիւռքի մէջ եւ մեր լեզուական դեսպանն է աշխարհի մէջ ու լեզուական սահմանապահը. եթէ հայը հայերէն չի խօսիր, շատ արագ արդէն հայ չի զգար ինքզինք. երկրորդ` արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնի թիկունքն է, արեւելահայերէնը ունի սնուցման, օգնողի լեզուավիճակ, անշուշտ` փոխադարձաբար. եւ երրորդ` արեւմտահայերէնը մեր լեզուամշակոյթի շատ հարուստ մէկ հատուած է, ինչո՞ւ թոյլ տանք` կորսուի, ոչ միայն դուրսը պահպանենք արեւմտահայերէնը, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նպաստենք, որ արեւմտահայերէնը արմատներ ձգէ, զօրանայ, տարածքներ նուաճէ եւ արեւելահայերէնին հետ քալէ Հայաստանի մէջ: Այդ մեր լեզուական մեծ, հզօր մշակոյթն է, իրաւունք չունինք մեր մշակոյթը կորսնցնելու. մեր ունեցած հարստութիւնն է, պիտի պահպանենք: Բարբառներու վերաբերեալ բան մը պիտի ըսեմ. մենք նստած ենք գանձատուփի մը վրայ եւ ուրիշներէն բառեր եւ արտայայտութիւններ կը մուրանք, կը ծուլանանք վեր կենալ, բանալ գանձատուփը եւ հանել այնտեղէն մեր ունեցածը:  Արեւմտահայերէնն ալ լեզուական գանձ է, պէտք է պահպանենք փայփայենք եւ չդնենք սնտուկի մէջ:
 

Հայտարարություններ

  •          ՀՀ ԳԱԱ Հ․ Աճառյանի անվան լեզվի ինստիտուտի կիրառական լեզվաբանության բաժինը շարունակում է սեմինարների շարքը՝ նվիրված էլեկտրոնային պաշտոնական հաղորդակցման յուրահատկություններին և ժամանակակից տեխնոլոգիաներից օգտվելու եղանակներին։

             Շարքի հերթական սեմինարը տեղի կունենա նոյեմբերի 20-ին ՀՀ ԳԱԱ լեզվի ինստիտուտի կիրառական...

  •               ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառյանի անվան լեզվի ինստիտուտի երիտասարդ գիտնականների խորհրդի նախաձեռնությամբ մեկնարկում է բարեգործական նախագիծ՝ արցախյան բռնի տեղահանության արդյունքում տուժած  մանկապատանեկան համայնքի համար:
                ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառյանի անվան լեզվի ինստիտուտի երիտասարդ գիտնականների խորհուրդը, գործակցելով ՀՀ ԳԱԱ...
  •  
    Հարգելի՛ բարեկամներ,
    Սիրով հրավիրում ենք մասնակցելու «Հայոց լեզվի ուսումնասիրության և ուսուցման արդի խնդիրներ» խորագրով միջազգային գիտաժողովին:
     
    ✓  Գիտաժողովը տեղի կունենա ս.թ. փետրվարի 21-ին:
    ✓  Գիտաժողովի անցկացման վայրը` Երևան, Հայաստանի Հանրապետություն
    ✓  Գիտաժողովի...

Ատենախոսություններ

Անուշ Անդրանիկի Խաչատրյան  «Էլեկտրոնային մամուլի լեզուն (բառային կազմ, քերականական համակարգ)»

 (թեկնածուական ատենախոսություն)  Ժ.02.01 «Հայոց   լեզու»

30.04.2024, ժ.15-ին

...

Վալտեր  Տիգրանի Բերբերյան  «Հայ ոճագիտական մտքի զարգացման հիմնախնդիրները (1950-2020-ական թթ.)»

 (թեկնածուական ատենախոսություն)  Ժ.02.01 «Հայոց   լեզու»

26.01.2024, ժ.15-ին

...

 
Education - This is a contributing Drupal Theme
Design by WeebPal.